Ողջո՛յն, Հնարամիտ բարեկամ

Ողջո՛յն,

Հնարամիտ բարեկամ

Մենք Հնարդին ենք՝ մշակութային հարթակ մը նուիրուած հայկական ժառանգութեան հետազօտման եւ պահպանման, մասնաւորապէս արեւմտահայերէնին՝ ընկերային, գեղարուեստական եւ մշակութային տարբեր ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու միջոցաւ։

Հնարդին ստեղծուեցաւ իբրեւ միջոց մը՝ վերադառնալու մեր արմատներուն եւ պեղելու մեր մշակութային ժառանգութեան խորքն ու կարեւորութիւնը։ Միասին կրնանք կանխել, որ մեր մշակոյթը խամրի, եւ ապահովել, որ մեր աւանդը ապրի ու ծաղկի գալիք սերունդներուն համար։

Միացէ՛ք մեզի այս կենսական առաքելութեան՝ պահպանելու եւ կենսաւորելու հայկական մեր իւրայատուկ ժառանգութիւնը։

Անուան ետին

Յաճախ մեզի կը հարցնեն. «Ի՞նչ կը նշանակէ «Հնարդի»

«Հն»ը, որ սղուած «հին»ն է, կը ներկայացնէ անցեալը

«Արդի»ն կամ ժամանակակիցը, կը խորհրդանշէ ներկան։

Ուստի, «Հնարդի» անունը կը մարմնաւորէ հարթակին հիմնական տեսլականը՝ անցեալը կամրջելու ներկային, մեր ժառանգութիւնն ու պատմութիւնը կենսաւորելու ուղեւորութեան մը ընթացքին։

Սակայն, աւելի ուշադիր նայուածք մը կը բացայայտէ անունին մէջ պահուած բառ մը, որ աւելի խոր իմաստ կը ցոլացնէ:

Հնար

Ճար

Ստեղծագործութիւն

Հանճար

Կարելի

հասանելի

Հոսկէ կ’արմատաւորուին մեր երկու հիմնարար նշանաբանները

«Հնար է» — «Ամէն ինչ կարելի է»

«Հնարէ» — «Նորարար եղի՛ր»

Այս իմաստները նրբօրէն արտայայտուած են մեր տարբերանշանին (logo) տեսողական տարրերուն մէջ։

Ծանօթացէ՛ք խումբին

Թամար Մկրեան

Հիմնադիր

Թամարը զարմանալի կարողութիւն մը ունի՝ ամէն ամպի մէջ լոյսի շող մը տեսնելու։ Մանկութեան օրերուն ան միշտ կը յաջողէր իր բոլոր գծագրութիւններուն մէջ ներառել թէ՛ հայկական եռագոյնը, թէ՛ բազմաթիւ կատուներ։ Այս յատուկ սովորութիւնը կը շարունակէ մինչեւ այսօր։

 

Մինչ ան ներկայիս կը մասնագիտանայ գրային գեղաձեւագիտութեան (graphic design) եւ տեսողական հաղորդակցութեան (visual communication) ոլորտներուն մէջ, Թամարը խանդավառութեամբ կը մասնակցի «Հնարդի»ի ծրագիրներուն, ուր անոր ստեղծագործ ոգին, մանրակրկիտ ուշադրութիւնը եւ իր ժառանգութեան հանդէպ նուիրումը յստակ կը տեսնուին։

Լիլիթ Մկրեան

Հիմնադիր

Մանկութենէն ի վեր, Լիլիթ իր ժառանգութիւնը միշտ դիտած է որպէս մեծ հանելուկ մը, որ պէտք է բացայայտել։ Բառարաններու մէջ մոռցուած բառեր որոնելով եւ գալիքին անպատրաստ ընտանիքին անդամները իր հայկական տեսագրական օրագրութեան մէջ ներառելով, ան իր հետաքրքրութիւնը վերածեց անսահման հնարաւորութիւններով լի աշխարհի մը։

 

Իր վաճառանշանային ինքնութեան ձեւաւորման (branding) եւ կերպարուեստի փորձառութեամբ, Լիլիթը հարթակի զարգացման կը մօտենայ ստեղծագործական տեսիլքով՝ ապահովելով, որ իւրաքանչիւր ծրագիր իմաստալից կերպով կը կապուի թէ՛ աւանդական արժէքներուն եւ թէ՛ ժամանակակից ուղղութիւններու։

Վանա Զէյթունեան

Համահիմնադիր

Առաջին գիծի վրայ, թէ վարագոյրին ետեւ, Վանան միշտ աշխոյժ է ու պատրաստ՝ ներգրաւուելու ամբողջական ոգեւորութեամբ։ Երբ Հնարդիի առօրեայ աշխատանքներով զբաղած չէ, կրնաք զինք տեսնել այլ աշխարհի մէջ. կա՛մ մեր աւանդական խոհանոցէն ճաշագրեր կը փորձէ, կա՛մ ֆրանսերէն կը դասաւանդէ, կա՛մ ալ մեծ ոգեւորութեամբ թմբուկ կը նուագէ։

Սեւան Զէյթունեան

Համահիմնադիր

Սեւանը խոր սէր ունի լեզուներու հանդէպ, մասնաւորաբար՝ թարգմանութեան։ Աշխատանքէն դուրս, ան իսկական բուսասէր մըն է. ոչ միայն լեզուներ կը թարգմանէ, այլ նաեւ բնութեան լեզուն կը հասկնայ։ Մարաշցի իր արմատները յստակ կը ցոլան իր նրբակերտ ասեղնագործութիւններուն մէջ։

Ժոզէթ Մանսուր

աշխատակից

Երբ խօսքը կը վերաբերի Ժոզէթին, մատիտը սուրէն աւելի ազդու է։ Որպէս տաղանդաւոր պատկերազարդող, ան ակնթարթի մէջ կերպարներ կը կերտէ։ Վերջին շրջանին սկսած է նաեւ շարժապատկերումի (animation) աշխարհը ուսումնասիրել՝ կեանք տալով իր նկարներուն եւ շարժում աւելցնելով հարթակի պատմութիւններուն վրայ։

Սերենա Աուն

աշխատակից

Գերհերոսները ունին իրենց թիկնոցները, իսկ մենք՝ մեր Տարազը։ Սերենան մեր Էտնա Մոտն է (The Incredibles  շարժապատկերուած ֆիլմի կերպարներէն՝ ձեւագէտ մը), որ  զգեստներ կը պատկերէ ամեն առիթի համար։ Անոր ձեւաւորումները միաժամանակ ժառանգութեան ու նորարարութեան համադրութիւն մը կը ներկայացնեն՝ ապահովելով, որ իւրաքանչիւր զգեստ միաժամանակ կապուած ըլլայ անցեալին, բայց նաեւ կենսունակ ժամանակակից ոճով։

Գասթիէլ

«Մլաւ»ատեսութեան պատասխանատուն

Այս փափլիկ գունդը միայն սիրուն դէմք մը չէ. ան Հնարդիին ողնաշարն է։ Զինուած ինքնագոհ մլաւիւնով եւ հմայիչ կապոյտ հայեացքով մը, Գասթիէլը մեր խումբին կը տրամադրէ բարոյական աջակցութիւն եւ գգուանք։ Իր առօրեայ պարտականութիւնները կ’ընդգրկեն քնանալ կարեւոր թուղթերու վրայ եւ քննել ստացուած փաթեթներու տուփերը՝ իբրեւ նախազգուշական քայլ։