Միացէ՛ք Հնարդիի ընտանիքին

Դարձէ՛ք «Հնարամիտներու» յանձնառու համայնքին մէկ մասնիկը, որ նուիրուած է մեր լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման ու վերակենդանացման։

Յաճախակի հարցուած հարցումներ

Ոչ, Հնարդին անկախ նախաձեռնութիւն մըն է։ Ան կապուած չէ որեւէ հաստատութեան, քաղաքական խմբաւորումի մը կամ կրօնական կազմակերպութեան մը։ Ան ստեղծուած է բացառաբար կեդրոնանալու մշակոյթի, լեզուի եւ համայնքին վրայ։ Այսուհանդերձ, հարթակը պատրաստ է գործակցելու բոլոր անոնց հետ, որոնց առաքելութիւնը կը համընկնի մեր նախաձեռնութեան

Հնարդիի նախաձեռնութիւնը բաժնուած է երկու հիմնական մասերու․ անհատական անմիջական մասնակցութիւն եւ թուային բովանդակութիւն։

Անմիջական մասնակցութիւն պահանջող աշխատանքները կ’ընդգրկեն մշակութային ձեռնարկներ, հանրային նախաձեռնութիւններ եւ շաբաթական համայնքային այցելութիւններ՝ բոլորը միտուած կենդանի կապերու եւ մշակութային ներգրաւուածութեան խթանումին։

Թուային աշխատանքը այժմ հիմնականօրէն կեդրոնացած է հարթակին ընթացիկ արշաւին՝ մեր վտանգուած լեզուի պահպանման եւ վերակենդանացման վրայ։ Այս արշաւը հետամուտ է գործին կարեւորութիւնը ընդգծող բովանդակութեան մշակումին, որ կը բարձրացնէ իրազեկութիւնը այս հարցին հանդէպ, եւ մատչելի նիւթեր կը տրամադրէ այն անձերուն, որոնք կ՛ուզեն սորվիլ եւ վերամիանալ իրենց մայրենիին

Լեզուն միայն հաղորդակցութեան միջոց մը չէ․ ան մեր հաւաքական ինքնութիւնը, յիշողութիւնները, պատմութիւնները, մշակոյթն ու աւանդութիւնները փոխանցող գործիք մըն է:

Երբ լեզուն խամրի, մենք ոչ միայն կը կորսնցնենք բառեր, այլեւ հազարամեակներու մեր ժառանգութիւնը, որ սփիւռքի հայկական համայնքները իրարու կապող վերջին օղակներէն մէկն է:

Ահա թէ ինչու կը խրախուսենք բոլորը՝ հասկնալու անոր կարեւորութիւնը եւ միանալու՝ զայն պահպանելու եւ վերակենդանացնելու միտող մեր առաքելութեան

Ոչ անպայման։ Մասնակցելու համար պարտադիր չէ լեզուն խօսիլը․ ամենէն կարեւորը քու պատրաստակամութիւնդ է օժանդակելու առաքելութեան։ Մենք արդէն ունինք ոչ-հայ կամ հայերէն չխօսող կամաւորներ, որոնց ներդրումները նոյնքան արժէքաւոր են։ Ամէն մարդ իր դերակատարութիւնը ունի պահպանումի եւ վերակենդանացման գործընթացին մէջ


Մասնակցելու բազմաթիւ ձեւեր կան։ Անձնական մակարդակի վրայ, այսօր իսկ կրնաս սկսիլ օգնելու լեզուի պահպանման գործին։ Մանրամասնութիւնները՝ այստեղ

Կրնաս նաեւ միանալ հարթակի աճող ընտանիքին։ Տե՛ս հետագայ տարբերակները՝

Եթէ ունիս հմտութիւններ, ինչպէս՝ տեսագրութիւն, տեսանիւթի խմբագրում, բովանդակութեան ստեղծում, թարգմանութիւն, ձեւաւորում կամ միջանկեալ որեւէ գիտելիք՝ կարելի է միանալ մեր խումբին որպէս կամաւոր աշխատակից։ Եթէ աւելի անմիջական մասնակցութիւն կը փնտռես, բարի եկար, կրնաս աջակցիլ մեր միջոցառումներուն անձնապէս մաս կազմելով գետնի վրայ կազմակերպուող տօնական ձեռնարկներուն

Եթէ կ՛ուզէք նիւթապէս նպաստել, մենք սիրով կ’ընդունինք ձեր հովանաւորութիւնները, որոնք կ՛օգնեն պահպանելու եւ ընդարձակելու մեր աշխատանքը։

Ներկայիս կը պատրաստենք առցանց տեղեկատու մը։

Մինչ այդ, կարելի է քայլ պահել մեր լուրերուն հետ՝ ընկերային ցանցերուն մէջ հետեւելով մեզի։

Կ՛ուզե՞ս տեղեկատուն առաջին ստացողը ըլլալ, պարզապէս ստորեւ նշէ տուեալներդ, եւ վստահ եղիր, որ անունդ մաս պիտի կազմէ մեր ցանկին