ՎԵՐՅԻՇԵԼ, ՎԵՐԱՄԻԱՑՆԵԼ, ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՆԵԼ. Արեւմտահայերէնի Կենսունակութեան Տեղեկատուական Արշաւ

Հնարդի Մշակութային հարթակը հպարտ է յայտարարելու «ՎԵՐՅԻՇԵԼ, ՎԵՐԱՄԻԱՑՆԵԼ, ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՆԵԼ» արշաւին մեկնարկը, որ նուիրուած է արեւմտահայերէնի պահպանման ու վերակենդանացման: Այս նախաձեռնութիւնը կը ձգտի իրազեկութիւն ստեղծելու արեւմտահայերէնի վտանգուած վիճակին մասին եւ քաջալերելու սփիւռքահայը` վերահաստատելու կապը իր լեզուին եւ մշակութային ժառանգութեան հետ:

Կամուրջ Մը Դէպի Մեր Ժառանգութիւնը

«Եթէ մեր լեզուն մեռնի, ապա ցեղասպանութիւնը կ՛ամբողջանայ»։

Արեւմտահայերէնը` պատմական եւ մշակութային մեծ արժէք ունեցող լեզու մը, կը գտնուի ճգնաժամային պայմաններու մէջ: 2010-ին, ան ներառուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ատլաս»-ին մէջ, որպէս «հաստատօրէն վտանգուած»: Այս բնորոշումը կ՛ապացուցէ, թէ առանց միջամտութեան՝ մեր լեզուն կրնայ անհետանալ եթէ ոչ մօտ ապագային, հաւանաբար յառաջիկայ դարուն ընթացքին:

«ՎԵՐՅԻՇԵԼ, ՎԵՐԱՄԻԱՑՆԵԼ, ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՆԵԼ» արշաւը կ՛անդրադառնայ այս հրատապ հարցին՝ լեզուին եւ զայն խօսողներու միջեւ յառաջացած խրամատը կամրջելու ճիգով: Մեր նպատակն է ներկայ սերունդները վերամիացնալ մեր լեզուական ժառանգութեան, ու գործնական քայլերու դիմելով՝ կը միտինք կասեցնելու արեւմտահայերէնի անկումը: Կամրջումը կը հանդիսանայ խորքը մեր առաքելութեան՝ վերահաստատելու կապը անցեալին եւ ներկային միջեւ, ու կամուրջը նետելու դէպի ապագայ, ուր գալիք սերունդները իրենց կարգին հաղորդ կը մնան մեր լեզուական ժառանգութեան:

Տեղեկատուական Արշաւի Նպատակները

Այս արշաւը կը հետապնդէ.

  • Իրազեկութիւն ստեղծել արեւմտահայերէնի վտանգուած վիճակին մասին:
  • Ընդգծել մեր լեզուին կենսունակութեան կարեւորութիւնն ու արժէքը:

  • Քաջալերել սփիւռքահայերուն միջեւ լեզուի օգտագործումն ու անոր տարածումը:

Յարատեւող Յանձնառութիւն Մը

Քաջ գիտակցելով այս առաջադրանքին կարեւորութեան՝ արշաւը կը շարունակուի մինչեւ անոր նպատակներուն իրականացումը՝ տրամադրելով տարեկան նորութիւններ՝ հետաքրքրութիւնը եւ յանձնառութիւնը կենդանի պահելու ի խնդիր: Կը խոստանանք ամէն տարի ներկայացնել նոր նախաձեռնութիւններ՝ արեւմտահայը իր լեզուով առնչուած եւ խանդավառ պահելու համար:

Գործակցութեան Կոչ

«Հնարդի»ն բոլորը կը հրաւիրէ դառնալու արեւմտահայերէնի պաշտպաններ՝ միանալով այս կենսական առաքելութեան: Միասին  ո՛չ միայն կրնանք երաշխաւորել լեզուին գոյատեւումը, այլեւ անոր զարգացումը՝ անցեալը կամրջելով մեր ներկային ու ապագային:

Հնարդիին մասին

«Հնարդի»ն մշակութային հարթակ մըն է, նուիրուած՝ հայկական ժառանգութեան հետազօտման, մասնաւորաբար արեւմտահայերէնին՝ ընկերային, գեղարուեստական եւ մշակութային տարբեր ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու միջոցաւ: Մեր առաքելութիւնն է նորարար ձեւերով նոր լոյսի տակ բերել եւ վերակենդանացնել արեւմտահայերէնը՝ այսպէս ստեղծելով, միացնելով եւ ոգեւորելով «Հնարամիտներու» համաշխարհային ցանց մը:

Կապուեցէ՛ք մեզի

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, հաճեցէք կապուիլ՝